Welcome Гость | RSS
Main / Blog Registration Login
ՑԱՆԿ
Հուշեր Վազգեն Վեհափառի մասին 
+ 26.09.2013 +
Համբուրում ենք Վեհափառ Հոր Աջը, այն ավելի զորացնելու պա... 
+ 22.08.2013 +
Ժամանակների գնհատականը 
+ 15.08.2012 +
20-րդ դար. Արդյունքներ 
+ 16.08.2012 +
Սուրբ Սարգսի տոնի առիթով Խոկման հատուկ արարողություն Հա... 
+ 24.01.2013 +
ՍԵՐԸ 
+ 23.07.2013 +
Կարոտում եմ մանկությունս 
+ 25.07.2013 +
Եկեք դիմանանք 
+ 30.06.2013 +
Վերաթարմացված Qahana.am-ը նոր բաժիններ ունի 
+ 26.12.2012 +
Մոլորակի մարդը 
+ 21.07.2012 +
ՊԱՀՈՑ

Գլխավոր էջ » 2013 » Նոյեմբեր » 4 » ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԱՉՔԵՐԸ
11:25
ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԱՉՔԵՐԸ
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ

Վեհափառ Հայրապետին ամենէն դիւրամատչելի կողմն իր աչքերն են, որոնք անմիջապէս կը մատնեն անոր հոգու բարութիւնը, զոր նոյնիսկ իր գործի բերմամբ երբեմն ուզէ քօղարկելՙ խստութեան, բարկութեան եւ կամ դժգոհութեան երեւութականութեամբ: Ես չորս տարիէ ի վեր այդ աչքերուն մօտէն նայելու բախտաւորութիւնը ունեցայ եւ հոն տեսայ անոր հոգու ճառագայթող նշոյլները, որոնք կը տարածուին ամբողջ ազգի մը վրայՙ որպէս օրհնութիւն: Վեհափառը երբ հանդիպի իր ժողովուրդին հետ այլազան առիթներով, անմիջապէս կը վառուին իր աչքերուն մէջ փարոսի մը զոյգ աշտանակները եւ երբ իր ձեռքերովը չի կրնար հպիլ անոնցՙ կ՚ուղարկէ սիրոյ ջերմ շողարձակումներ դէպի այդ կողմը, եւ այդ լոյսը տեսնողները մխիթարուած կը զգան: Երեք տարի առաջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութիւն մը տուած էր Պոլիս, ուր համայնքին յիշողութեան մէջ անթեղուած են անոր ժպտուն աչքերը, որոնց մասին տակաւին կը խօսուի վառ գովեստներով:
Երբ իր ծրագիրներուն մասին կը խօսի, Վեհափառ Տիրոջ աչքերուն մէջ գոյացած շողանքը հիանալի է: Իր աչքերը կը սեղմէ քիչ մը, գլուխը վեր կը բարձրացնէ թեթեւակի, եւ ահա՛ հոն են բոլորը, օդին մէջ առկախեալ ու արդէն աւարտուած վիճակով պսպղուն կը շողան ադամանդեայ տեսիլքները ամբողջ: Մանրամասնութիւնները կը յստականան հետզհետէ իր մտքի ծալքերուն մէջ լուսագիծերով պատկերաւորուած, զոր դուք ալ կը սկսիք տեսնել եւ խանդավառուիլՙ Վեհին հետ միասին: Իր չհամոզուած գործին երբեք ձեռք չի տար, կտրուկ «ո՛չ» մըն է պատասխանըՙ անշրջելի համառութեամբ մը: Իսկ համոզուած գործերուն վրայ կյարձակի ամենայն վճռականութեամբ, եւ իր աշխատելու ախորժակը վարակիչ է, ու երբեք առանձին չի մնար, երբ գործի մը ձեռք տայ: Ուրիշներ կու գան անմիջապէս եւ կը համախմբուին անոր տեսիլքներուն շուրջըՙ մաս կազմելու համար ազգօգուտ ծրագիրներուն, ինչպէս մրջիւնները կաթիլ մը մեղրին շուրջ հաւաքուած ըլլային: Հզօր մագնիս մըն է նաՙ բոլոր մեխերը ի մի հաւաքողՙ Թորգոմեան տան ինկած պատերը վերակերտելու համար:
Հաճոյքները կը տարբերին աչքերու գոյնի վերաբերեալ. կանանչ, կապոյտ կամ սեւուկ աչքեր: Ըստ իս, ամէնէն գեղեցիկ աչքերն անոնք են, որոնք ուրախութեան երփներանգ գոյներով կը զարդարուին եւ գեղեցիկ ժպիտով մը կը զետեղուին երեսի շրջագիծին մէջ: Անոնք են օրհնութիւն այս տխուր աշխարին համար եւ խրախճանքի սեղանՙ յոգնաբեկ հոգիներուն առջեւ սարքուած: Բայց ինչպէ՞ս ձեռք բերել այդ ուրախ նայուածքը, որուն գաղտնիքը Վեհափառ Տէրն իմանալու է անպայման:
Երբ երախայ էի, հինգ¬վեց տարեկան, հայրս հեծելանիւ մը գնած էր ինծիՙ երեք անւաւոր: Մեծ խանդավառութեամբ կը քշէի նոր խաղալիքը պարտէզին մէջ: Հայրս նստած ուրախութեամբ կը դիտէր զիս: Անոր ժպտացող աչքերուն մէջ աւելի հրճուանք կար, քան իմինիս: Կը յիշեմ, զարմացած էի մտածելով, թէ արդեօք ինչո՞ւ հայրս այնքան ուրախ էր, քանի որ ես էի հեծելանիւը վայելողը, իսկ ինքը կը նստէր պարզապէս եւ զիս կը դիտէր: Տարիներ յետոյ սորվեցայ ուրախութեան այն գաղտնիքը, որ Տէր Յիսուս կը յայտնէրՙ ըսելով. «Տալը աւելի երանելի է, քան առնելը»:
Ես հօրս այդ գոհունակ ժպիտին եւ ուրախ նայուածքին յար եւ նմանը յաճախ կը տեսնեմ Վեհափառ Հայրապետի աչքերուն մէջ, երբ ան ներկայացնէ իր մէկ ձեռնարկը յօգուտ ուրիշներունՙ ըլլայ ան նորաշէն եկեղեցի մը, վերականգուած վանք մը, հայորդեաց տուն կամ հիւրանոց մը: Եթէ բախտը ունեցեր էք Վեհափառին հետ շրջելու շինարարութիւնները, կը զարմանաք տեսնելով անոնց մէջ դրած իր սրտմաշումը, հոգածութիւնն ու խնամքը: Իր սեփական տունը ըլլարՙ հաւանաբար այնքան բծախնդրօրէն չէր միջամտեր գործընթացին: Բայց ուրիշներ պիտի վայելեն այս բոլորը, եւ «ուրիշ»-ը սուրբ է Գարեգին Կաթողիկոսի համար, նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ովքե՞ր են այդ անծանօթ ուրիշները:
Ուրիշներ պիտի ապրին իր կառուցած այդ սենեակներուն մէջ եւ պիտի գտնեն դրախտէն անկիւն մը, օվասիս մը անապատին մէջ: Անծանօթ ուրիշներ, որոնք «փառք Քեզ, Տէ՛ր Աստուած» պիտի ըսեն ննջելէ առաջ եւ պիտի տեսնեն սուրբ երազներ: Պատուհաններէն ուրիշներ պիտի նային դուրսը եւ պիտի վայելեն արեւի լոյսն ու գարնանային ծաղկումը ծառերուն վրայ: Ուրիշներ պիտի լեցնեն շքեղօրէն զարդարուած արդի գրասենեակները եւ հոնկէ պիտի տնօրինեն Սուրբ Եկեղեցւոյ ապագան: Որիշներուն մանուկները արուեստ պիտի սորվին հոն, թերեւս հացի միջոց մը պիտի ճարեն իրենց աղքատ ընտանիքին համար, եւ երիտասարդներ հայոց լեռներու խրոխտ պարերով պիտի ցնծան ձեռք-ձեռքի տուած եւ միաբերան պիտի երգեն հայուն հպարտ քայլերգըՙ լուսաւոր առաւօտներու համար: Բիւր-բիւրոց հաւատացեալներ պիտի ծնրադրեն նորակերտ եկեղեցիներուն մէջ եւ զրոյց պիտի բռնեն իրենց Արարչին հետ եւ վառ պիտի պահեն Լուսաւորչի կանթեղըՙ իրենց հաւատքի արտասուքներով: Ուրեմն ինչպէ՞ս չհրճուի Հայրապետին հոգին իր ձեռքերու արդար վաստակովը, եւ ինչո՞ւ չխնդայ աչքերուն բիբը լիակատար բերկրանքով եւ գալիք բիւր սերունդներուն առջեւ սեղան սարքելու գիտակցութեամբ: Ստուգիւ, ան լաւ գիտէ երանութեան գաղտնիքը, որ թաղուած է իր աչքերուն մէջ, ու զայն կը փոխանցէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն մօտեն նայելու բախտը կ՚ունենան:
Վեհափառի աչքերուն մէջ գոյացած բարին, սակայն, տկար չէ երբեք, այլ զօրութեամբ է գօտեպնդուած եւ երկիւղ կ՚ազդէ խորամանկներուն, որոնք կը սպասեն գտնել իրենց դիմացը միայն երկինք դիտող հոգեւորական մը: Պահ մը միայն աղաւնիներ կը թռչին մեր Հայրապետի աչքերուն մէջ, իսկ միւսինՙ երէց աղուէս մը կը քննէ ամէն ինչ խորագիտաբար: Վեհափառի աչքերը բարի են յիրաւի եւ բարին կ՚որոնեն ամէնուրեք: Սակայն եւ այնպէս անոր նրբանկատ աչքերուն համար անկատար գործը աններելի մեղանչում մըն էՙ գործուած բարիին դէմ: Ուստի պէտք է, որ վատը փուլ գայ անպայման եւ կատարեալը վերակառուցուի անոր տեղըՙ ինչ որ ալ ըլլայ անոր գինը:
Վեհափառ Հայրապետը կը կամի իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել ամէն տեղ: Անոր համար պահակ դրած է իր մշտարթուն աչքերը ամենուս վրայ: Մենքՙ Մայր աթոռիս բոլոր պաշտօնէութիւնը լաւ կը զգանք, որ անոր ամէնարթուն նայուածքները կը հետեւին մեզի եւ կը պահաջեն մեզմէ գործ, կատարեալ գործ եւ մեր պարտականութիւններուն անթերի լրացումը: Իր պողպատեայ կամքին եւ հետեւողականութեանը շնորհիւ կը բարձրանան ետեւ-ետեւէ Հայոց եկեղեցւոյ «եօթը հրաշալիքները», ե՛ւ աւելին: Դժգոհներ կրնան ըլլալ, ի հարկէ, իր հետապնդող կամքէն ձանձրացողներ, բայց օր մը պատմութիւնը պիտի գրէ, որ Գարեգին Կաթողիկոսը իր գործերը աւազի վրայ չէ գրածՙ ժայռի վրայ: Թուլակամները պիտի լռեն տարիներ յետոյ, սրբուելով պիտի անհետանան աշխարհի երեսէն իրենց գանգատներով միասին, եւ սակայն քարերը պիտի շարունակեն խօսիլ, ինչո՞ւ չէ՛, երգել մեծ շինարարի մը արդար փառքը:
Վեհափառի հայեացքը կը տարածուի նաեւ ժամանակի մէջՙ ետեւ եւ առաջ շարժելով լոյսի արագութեամբ: Լուսաւորիչէն սկսեալ բոլոր հայրապետներու սրբազան տեսիլքով օծուած է լիովին, եւ Թարգմանչաց վարդապետներու հոգիով կը հրդեհուին բոլոր ծրագիրները օր ու գիշեր: Իր շուրջը կը նայի, աւերակներ կը խոխորտան ամեն կողմ. պատմութեան տխուր ժառանգը: Բայց Վեհը կը պնդէ տեսնել մոխիրներու յարութիւնըՙ փիւնիկի նման: Խոնարհուած վանքերը եւ տաճարները պիտի արթննան իրենց դարաւոր քունէն ամբողջական փառքով եւ իրենց զանգակներու ղօղանջովը պիտի արթնցնեն իր խորունկ նիրհէն հայկազեան տոհմը, եւ դպրոցական մանուկներու շրթները կրկին պիտի օրհներգեն. «Փա՛ռք Սուրբ Խաչիդ, Ալելուիա»: Այո՛, վրէժ մը կայ Վեհափառի աչքերուն մէջ կուտակուած, մեր բոլորին վրէժը անոնց դէմ, ովքեր ուխտած էին կարմիր հայհոյանքով աշխարհի երեսէն սրբել Խաչեալին յիշատակը:
Բողոք մը կայ Հայրապետին աչքերուն մէջ: Ինչո՞ւ Հայոց եկեղեցին չունենայ հազարաւոր սպասաւորներ, որոնք օժտուած ըլլային բոլոր բաղձալի հանգամանգներովՙ ի պատասխան արդի ժամանակներու բոլոր պահանջներուն: Արտասահման ուսման համար իր ուղարկած բոլոր հոգեւորականներուն հետ մեծամեծ յոյսեր կապած է ան: Անոնց վերադարձը կը սպասէ անհամբեր, կարծես թէ հողագործ մը ուշացած անձրեւները կը սպասէՙ երաշտահար դաշտերուն մէջտեղը կանգնած եւ աղերսագին կ՚աղօթէ ապրիլեան ամպերուն օրհնաբեր վերադարձին համար: Ինչո՞ւ չողողել հրապարակը հոգեւոր գրականութեամբ եւ չսորվեցնել համր շրթունքներուն խօսիլ երկինքի լեզուն հայերէնով նաեւ: Ինչո՞ւ հայը զրկուած մնայ Քրիստոսի բարի լուրէն եւ անյոյս թափառի անհաւատութեան ճահիճներուն մխրճուած:
Վերջին տասը տարիներուն մենք շատ բան կը պարտինք այս հսկուն աչքերուն, որոնց ճառագայթումով կը կանանչնան խոպան մնացած Եկեղեցւոյ դաշտերը մեր: Սակայն Հայրապետն այսպէս նայելու չսկսաւ, հարկաւ, Կաթողիկոս դառնալէն յետոյ: Շատ կանուխէն սորված ըլլալու է, շատ կանուխէն, թերեւս իր երիտասարդութեան, նոյնիսկ իր մանկութեան օրերուն ձեռք բերած ըլլալու է տիեզերքը հաւատքի հեռադիտակով դիտելու սովորոյթը: Համայնավարութեան տարիներուն երիտասարդի մը հոգեւոր ասպարէզն ընտրելը ինքնին հրաշքի համազօր եղելութիւն մըն էր արդէնՙ առանց չափազանցութեան: Անոր ժամանակակից եկեղեցականները Խորհրդային Միութեան տարիներուն եղան օրհնեալ սերունդ մը, եղան նաեւ ամէնէն քիչ ե՛ւ ամէնէն սխալ հասկցուած հոգեւորականներ, ովքեր կորուստէ փրկեցին մեր դարաւոր, մեր փառաւոր եկեղեցական ժառանգութիւնը եւ կրեցին զայն մեր ապահով օրերուն համարՙ անաստուածութեան կարմիր հրդեհին ընդմէջէն անցընելով անվթար: Տակաւին պատանի մըՙ ինչպէ՞ս ունեցաւ Վեհափառը Երկաթեայ վարագոյրը ծակող աչքեր: Ո՞վ սորվեցուց անոր երկինք ուղղել իր նայուածքըՙ հոգիի ազատութիւնը հետապնդելու համար, երբ ամէն մարդու հայեացքը գետին կը սողոսկէր նիւթապաշտ որոնումներով: Առանց վարանումի կրնանք ըսել, թէ Հայրապետն իր խնկաբոյր ծնողներէն ժառանգած է իր հոգետես աչքերը: Փառք Աստուծոյ, միշտ եղած է Հայաստանի մէջ հաւատացեալ «մնացորդաց» մը, ինչպէս Եղիա Մարգարէի օրերուն, ովքեր Բաաղի կուռքին չերկրպագեցինՙ մերժելով ծունկի գալ անոր առջեւՙ ի տես բոլոր ճնշումներուն, դիմադրեցին բոլոր սպառնալիքներունՙ սուրբ համառութեամբ մը, այո՛, խենդութեան համազօր սխրանքով մը:
Աստուած առողջ պահէ՛ Վեհափառ Հայրապետին աչքերը, եւ միշտ պայծառատես: Որովհետեւ միայն իրեն համար չի նայիր, այլ ամբողջ ազգի մը համար կը դիտէ հորիզոններըՙ իր կոպերը մշտապիրկ: Որովհետեւ պարտաւոր է հեռատես ըլլալՙ ահազանգի փողը հնչեցնելու համար, եթէ հարկ ըլլայ կանուխէն: Վերատեսուչ եւ վերահսկիչ է կարգուած տասը տարիներ առաջ Քրիստոսի փառաւոր Տունըՙ Սուրբ Եկեղեցին տնտեսելու համար: Որքան ալ զօրաւոր ըլլան, սակայն, երկու աչքեր չեն բաւեր այս ահարկու գործին լիակատար յաջողութեանը համար: Պէտք ունի Հայրապետը մեր միլիոնաւոր աչքերուն նաեւ: Եկէք իր աչքերուն մէջ ցոլացող գեղեցիկ լոյսէն ներշնչուելովՙ մենք ալ սրբագործենք մեր աչքերըՙ տեսնելու համար ընդարձակ կարելիութիւնները ծառայութեան եւ աշխարհի կերպարանափոխման:

2009թ.
Azg.am

Աղբյուրը` 


Բաժինը` ՀՈԳԵՎՈՐ | Դիտումներ` 1137 | | Վարկանիշ: 5.0/1
Մեկնաբանություններ` 0
Имя *:
Email *:
Код *:
«  Նոյեմբեր 2013  »
ԵրկԵրեՉորՀինՈւրբՇաբԿիր
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930
MADE BY HAYK KISEBLYAN 'c' 2024