Welcome Гость | RSS
Main / Blog Registration Login
ՑԱՆԿ
Թե չլինի հանկարծ 
+ 16.12.2012 +
Ի՞նչ են տվել Գարգին Բ Կաթողիկոսի գահակալության 14 տարին... 
+ 04.11.2013 +
Հանդիպում հոգևորականի հետ 
+ 14.04.2014 +
Եվ ես ձեզ հետ եմ 
+ 09.07.2012 +
Ես, թե նա 
+ 05.06.2013 +
Բաց համացանց.... 
+ 12.04.2013 +
Սուրբ Հեղինե 
+ 10.06.2013 +
Մեռելոցներ, որ երբեմն դժգոհության ալիք են բարձրացնում 
+ 26.09.2013 +
ԱՆՑՈՒԴԱՐՁ 
+ 07.12.2014 +
Ես կգամ 
+ 22.06.2013 +
ՊԱՀՈՑ

Գլխավոր էջ » 2013 » Օգոստոս » 2 » «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր» (Առ 6.6)։
18:50
«Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր» (Առ 6.6)։
Առակի մեկնությունը՝ Վարանտ վրդ. Քորթմոսյանի

Ի՜նչ քաղցր կը հնչեն իմաստունին խօսքերը եւ միաժամանակ ազդարարական։ Թելադրութիւն եւ յանդիմանութիւն միատեղ տրուած։ Թելադրութիւն անով, որ մրջիւնին երթալ կը թելադրէ, այսինքն՝ հետեւիլ այդ մանր միջատներու գործունէութեան, թէ ինչպէս անոնք ժրաջանութեամբ կաշխատին ու կը տքնին, իրենց սնունդը ապահովելու համար, եւ այնքան կազմակերպ է անոնց աշխատանքը։ Արդարեւ մեզմէ շատեր տեսած են թէ ի՛նչ կանոնականութեամբ ու հերթականութեամբ իրարու ետեւէ կը շարժին անոնք՝ իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը կատարելով։ Երբեմն ալ կը տեսնենք երբ «աւարը» մեծ է, երկուքով կամ երեքով միասնաբար կը հասցնեն զայն դէպի ապաստարան։ Իմաստունը խրատելով կը թելադրէ մեզի տեսնել անոր ճամբաները եւ իմաստուն ըլլալ. որպէս մարդիկ, յաճախ մեր ամէնէն պարզ ու նսեմ պարտականութիւնը գործադրելու կը ծուլանանք, այսօրուան գործը վաղուան ձգելով։ Այստեղ է որ կը հնչէ իմաստունին յանդիմանական ձայնը, որ կըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր». բոլորս ալ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած կոչում ունինք, որ պարտաւոր ենք կատարել, եթէ կուզենք փրկութեան հասնիլ։ Մրջիւնին ժրաջանութիւնը ի՜նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, անոնց կազմակերպ աշխատանքն ու իրարօգնութեան ոգին։ Եթէ կուզենք մեր կեանքին մէջ յաջողութիւն գտնել եւ փրկութեան հասնիլ, պիտի աշխատինք, եւ գիտնանք մեր աշխատանքը կազմակերպ ձեւով կատարել, եւ ամէնէն կարեւորը հեռո՛ւ մնանք ծուլութենէն, հեռո՛ւ մնանք անտարբերութենէն եւ մանաւանդ՝ հեռո՛ւ մնանք անգործութենէն։ Այս բոլորին կողքին նաեւ պիտի աշխատինք մեր փրկութեան համար. պիտի օգնենք իրարու մեր աղօթքներով, մեր բարոյական օժանդակութեամբ, մեր օրինակելի ներկայութեամբ, որովհետեւ մեր ամբողջ կատարածն ու ապրած կեանքը օգուտ չունենար, եթէ երբեք չաշխատինք օգնել մեր նմանին, եթէ չմտածենք մեր նմաններուն փրկութեան մասին։
Հետեւաբար, փորձենք մեզի վստահուած կոչումն ու պարտականութիւնը ամբողջութեամբ կատարել, եւ մանաւանդ՝ իմաստութեամբ, ամէն բանէ առաջ ու վեր Աստուծոյ կամքը խնդրելով։

Բաժինը` ՀՈԳԵՎՈՐ | Դիտումներ` 601 | | Վարկանիշ: 5.0/1
Մեկնաբանություններ` 0
Имя *:
Email *:
Код *:
«  Օգոստոս 2013  »
ԵրկԵրեՉորՀինՈւրբՇաբԿիր
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031
MADE BY HAYK KISEBLYAN 'c' 2024